2011-01-11 12:48:50

Վերջին Հրաժեշտ`Աշխարհահռչակ Խմբավար Օհան Տուրեանին


Երէկ ժողովրդական արուեստագէտ, հռչակաւոր խմբավար եւ յօրինող Օհան Տուրեանին հայ ժողովուրդը վերջին անգամ հրաժեշտ տուաւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքին մէջ։ ՝՝Իբրեւ հայ հպարտ եմ, որ ապրած եմ այսպիսի մեծութեան կողքին։ Հայերուս համար մեծ պատիւ է ունենալ այսպիսի երաժիշտ մը։ Կը ցաւիմ, որ ան այլեւս մեզի հետ չէ՝՝ յայտնած է սենեկային երչախումբի եղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեան։ Իսկ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարար Յասմիկ Պօղոսեան նշեց, որ Օհան Տուրեանի հրաժեշտի արարողութեան հաւաքուած այսքան մեծ բազմութիւնը ժողովուրդի գնահատականին արգասիքն է։ Մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ այն փաստը, որ Օհան Տուրեան իր կենդանութեան օրով կատարեց իր յաղթարշաւը աշխարհի տարբեր բեմերուն վրայ(ընդգծեց Յասմիկ Պօղոսեան իր արտասանած խօսքին մէջ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.